Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի («ֆայնըլ-էյթ») մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 12 ապրիլին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք) տեղի պիտի ունենայ բաւական կարեւոր ճակատում մը, որուն ընթացքին Թատամոն պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը:
ՀՄԸՄ-ի համար այս մրցումը պիտի ըլլայ շատ կարեւոր, որովհետեւ պարագլուխի դիրքին վրայ մնալու համար ՀՄԸՄ անպայման յաղթանակի կարիք ունի:
Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթ, 9 ապրիլին, ՀՄԸՄ բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարելով ծանր պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Պիպլոսը:
Այսօր, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի պայքարի ոգիով կատարել իրենց այս մրցումը եւ յաղթել հիւրընկալ կազմին:
Նշենք, որ մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին: