Երէկ գիշեր յստակացան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահովող առաջին երկու խումբերուն անունները` Ռէալ Մատրիտ եւ Մանչեսթըր Սիթի:
Ռէալ Մատրիտ, որ երթին Գերմանիոյ մէջ 2-0 արդիւնքով պարտուած էր Վոլֆսպուրկէն, երէկ իր դաշտին վրայ, 80 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով անցաւ յաջորդ հանգրուան:
Մրցումին աստղը եղաւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ հեթրիքի հեղինակ հանդիսացաւ (16-րդ, 17-րդ եւ 77-րդ):
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ մրցումին, Մանչեսթըր Սիթի, որ երթին Ֆրանսայի մէջ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, երէկ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով միացաւ Ռէալ Մատրիտի:
Քեւին տը Պրույնէ նշանակեց Սիթիի կոլը (76-րդ), մինչ անոր խմբակից Սերճիօ Ակուերօ 30-րդ վայրկեանին փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել:
Այսօր, Պարսելոնա հիւրը պիտի ըլլայ Աթլեթիքօ Մատրիտի, իսկ Պայէրն Միւնիխ` Պենֆիքայի: Երթին Պարսելոնա յաղթած է 2-1 արդիւնքով, իսկ Պայէրն` 1-0 արդիւնքով: