
Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, Վարտար 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սքոփյէին, հանդիսացաւ երկրի ախոյեան:
Մրցումին 76-րդ վայրկեանին արդիւնքը կրկնապատկեց Յովհաննէս Համբարձումեան, մինչ խումբին մէկ այլ ֆութպոլիստը` Արտակ Դաշեան, մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:
Նշենք, որ Վարտար այսպիսով 9-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Մակեդոնիոյ ախոյեան:


