18 մայիսին Պալի (Զուիցերիա) «Սենթ Եաքոփ Փարք»-ին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Լիվըրփուլ եւ Սեւիլլա:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Շուէտէն` գլխաւորութեամբ Եունաս Էրիքսընի:
Ան այս մրցաշարքին գծով Շախտիոր Տոնեցք – Պրակա մրցումին (7 ապրիլ) իրաւարարն էր: