
Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 34-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՓՍՎ Այնտհովըն 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Զվոլէին, հանդիսացաւ 2015-2016 տարեշրջանի ֆութպոլի ախոյեան:
Մինչեւ վերջին հանգրուանը տիտղոսին համար կը պայքարէր Այաքս Ամսթերտամ, որ վերջին հանգրուանին հաւասարութիւն մը արձանագրելով Տէ Կրաֆսհափին հետ, հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Այսպիսով, ՓՍՎ Այնտհովըն, որ յաջորդաբար երկրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան, իր ակումբին պատմութեան մէջ 23-րդ անգամ ըլլալով բարձրացուց ախոյեանութեան տիտղոսը:


