
Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտէն 2 հանգրուան առաջ, Սելթիք 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ապըրտինին, հանդիսացաւ երկրի ախոյեան` յաջորդաբար 5-րդ տարին ըլլալով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սելթիք այժմ 12 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ նոյնինքն Ապըրտինի վրայ:
Նշենք սակայն, որ Ռէյնճըրզ, որ 54 անգամ տիրացած է Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան, 2012-ին փոխադրուեցաւ Գ. դասակարգ:
Սելթիք ընդամէնը 47 անգամ հանդիսացած է ախոյեան, մանաւանդ վերջին հինգ տարիներուն օգտուելով Ռէյնճըրզի բացակայութենէն:


