Մարզական

Կռփամարտ. Դաւիթ Լեմիօ Յաղթեց Կլեն Թափիային

Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ կռփամարտի երեկոյ մը, որուն ընթացքին Քանատան ներկայացնող հայ կռփամարտիկ Դաւիթ Լեմիօ յաղթեց ամերիկացի Կլեն Թափիային: Լեմիօ իր յաղթանակը արձանագրեց 4-րդ ռաունտին` նաքաութի ենթարկելով իր մրցակիցը:

Խորէն Յովհաննիսեան Եւ Սերկէյ Եուրան Հեռացան Միքայէն

Խորէն Յովհաննիսեան Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի կազմերէն Միքայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ այլ աշխատանքի մը սկսելու համար ակումբի նախագահ Խորէն Յովհաննիսեան եւ գլխաւոր մարզիչ Սերկէյ Եուրան լքեցին իրենց պաշտօնները: Ակումբի նախագահի պաշտօնը վստահուեցաւ գլխաւոր տնօրէն Արմէն Պետիկեանին, մինչ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պարտականութիւնը պիտի ստանձնէ Արմէն Շահկելդեանը:

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Հանդիսացաւ Ախոյեան

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 33-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Պայէրն Միւնիխ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Ինկոլսթատի դաշտէն, հանդիսացաւ 2015-2016 տարեշրջանի ախոյեան` ապահովելով 85 կէտ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, մարզիչ Փեփ Կուարտիոլայի կազմը 8 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Պորուսիա Տորթմունտին վրայ, որ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մէօնշընկլատպախի դաշտին վրայ: Նշենք, որ ցարդ միայն վերջին դիրքը գրաւող Հանովըր-96 փոխադրուած...

Փրեմիեր Լիկ. Լայսթըր Սիթի Ստացաւ Ախոյեանութեան Իր Տիտղոսը

Անգլիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր-լիկ»-ի 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի Լայսթըր Սիթի-Էվըրթըն մրցումէն ետք (3-1) տեղի ունեցաւ Անգլիոյ նոր ախոյեանին պարգեւատրման հանդիսութիւնը: Լայսթըր Սիթիի ֆութպոլիստներն ու մարզիչները ստացան իրենց ոսկի մետալները, ապա խումբին խմբապետը` Ուես Մորկան բարձրացուց ախոյեանութեան տիտղոսը, ակումբին գլխաւոր մարզիչ Քլաուտիօ Ռանիերիի հետ: Նշենք, որ Լայսթըր Սիթի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը տիրանայ ախոյեանութեան տիտղոսին: Նորուիչ Սիթի (19-րդ) եւ...

«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ-Օֆ. Ախոյեանը Պարտուեցաւ. Հայ Մարզիչին Խումբը Դարձեալ Յաղթանակ Արձանագրեց

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, երկու յաղթանակ արձանագրելէ ետք, երրորդին իր դաշտէն դուրս 120-108 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տեմիըն Լիլար նշանակեց 40 կէտ եւ 10 էսիսթ: Թորոնթօ Ռեփթըրզ, որուն մարզիչներէն մէկն է հայ Ռեքս Քալամեան, յաղթանակ մը արձանագրեց` 95-91 արդիւնքով պարտութեան մատնելով...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն – Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ակումբներ Հանդիպում

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 68-51

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ռիատի Պէյրութ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը: Այս մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով` 68-51 արդիւնքով (կիսախաղ` 33-24, ի նպաստ Ռիատիի): Տարեշրջանի իր 14-րդ յաղթանակը արձանագրելով եւ մնալով անպարտելի միակ կազմը, Ռիատի մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` 42 կէտով: Իսկ ՀՄԸՄ, որ մրցում մը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի – ՀՄԸՄ Մրցումը Յետաձգուեցաւ` Երկուշաբթի, 9 Մայիսին

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ շաբաթ, 7 մայիսին տեղի ունենալիք Ռիատի - ՀՄԸՄ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի առաջին մրցումը յետաձգուեցաւ երկուշաբթի, 9 մայիսին: Անիկա տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Մանարայի դաշտին վրայ: Այս մրցումին յետաձգուելուն պատճառը այն է, որ կիրակի, 8 մայիսին, Պէյրութի մէջ տեղի կ՛ունենան քաղաքապետական եւ թաղապետական...

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան Տիտղոսակիր` Սպանիոյ Մէջ

Կարէն Գրիգորեան Հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած «Քուիտատ Տը Մոսթոլես» արագ ճատրակի մրցաշարքին, գերսքանչելի եւ բացառիկ արդիւնք մը արձանագրելով դարձաւ տիտղոսակիր` առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 8 կէտ: Հայաստանէն այլ մասնակցող մը` կրանտմասթըր Կարէն Մովսիսեան, գրաւեց 4-րդ դիրքը, կը յայտնէ «Արմենփրես»: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 129 ճատրակ խաղացողներ, ներառեալ` 9 կրանտմասթըրներ եւ 8...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն – Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ակումբներ Հանդիպում

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. «Ֆայնըլ-Ֆոր»-Ի Մրցումներուն 12 Օտարական Մարզիկները

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց այն 12 օտարական մարզիկներուն անունները, որոնք մաս կը կազմեն «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն իրենց տոմսը ապահոված 4 խումբերուն: Ըստ ֆետերասիոնին օրէնքին, այդ չորս ակումբները մինչեւ ախոյեանութեան աւարտը որեւէ այլ օտար մարզիկ չեն կրնար միացնել իրենց կազմին: Ստորեւ` այդ 12 օտարականներուն անունները. Սաժես.- Թերել Սթոկլին, Տեմարիուս Պոլտծ եւ Էքենեշուքվու Իպեքուէ: Ռիատի.- Ժահմար Եանկ, Ռապըրթ Տանիելզ եւ...

Արտասահմանի Մէջ Հանդէս Եկող 11 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Հայաստանի Հաւաքական

Արտասահմանի Մէջ Հանդէս Եկող 11 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Հայաստանի Հաւաքական

Ինչպէս ծանօթ է, 28 մայիսին եւ 1 յունիսին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ֆութպոլի միջազգային բարեկամական 2 մրցում պիտի կատարէ Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ: Հայրենի կազմին մրցակիցները պիտի ըլլան Կուաթեմալա եւ Սալվատոր: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան արդէն իսկ հրապարակեց անունները արտասահմանի մէջ հանդէս եկող այն ֆութպոլիստներուն, որոնք պիտի նախապատրաստուին այդ մրցումներուն: Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող ֆութպոլիստներուն...

Կիրակի, 8 Մայիսին. Թրիփոլիի Կէս-Մարաթոնը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուիի եւ «Պանք Մետ»-ի, հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Մաան Լուպնան» միութեան, կիրակի, 8 մայիսին տեղի կ՛ունենայ Թրիփոլիի 7-րդ տարեկան կէս-մարաթոնը (21,1 քմ): Տեղի պիտի ունենան տարբեր դասակարգի մրցումներ` տղոց եւ աղջկանց մասնակցութեամբ: Կազմակերպիչ ակումբը յայտնեց, որ սոյն կէս-մարաթոնին մասնակցիլ փափաքողները կրնան իրենց անունները արձանագրել «Սփինիս» Թրիփոլի եւ Մահամես Ամին ուղղուելով:...

ՖԻՖԱ-ի Նոր Դասաւորում. Հայաստան Մնաց 110-րդ

Երէկ` հինգշաբթի, 5 մայիսին, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մնաց այն դիրքին վրայ, որ կը գտնուէր նախորդ ամիս, այսինքն` 110-րդ: Հայրենի կազմը իր տրամադրութեան տակ ունի 316 կէտ: Պարագլուխի դիրքը 1532 կէտով կը գրաւէ Արժանթին, որուն ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Պելճիքա (1364) եւ Չիլի (1353): Քոլոմպիա կը գրաւէ 4-րդ...

Ժիւտօ. Շաբաթ, 7 Մայիսին` Փոքրերու Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ շաբաթ, 7 մայիսին, ֆետերասիոնին ժամանակաւոր կեդրոնատեղիին մէջ (Ատմա) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի կրտսերներու ախոյեանութիւնը` 2005-2006 տարեկան դասակարգին մէջ: Ֆետերասիոնը բոլորը հրաւիրեց ուղղուիլ Ատմա ակումբը եւ քաջալերելու իրենց զաւակները, որոնք բնականաբար պիտի ըլլան ապագայի աստղեր:

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Բանանց` Տիտղոսակիր

Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտական ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Բանանցը եւ Միքան, աւարտեցաւ Թիթօ Ռամալիոյի կազմին` Բանանցի յաղթանակով: Անիկա 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումին 2-րդ վայրկեանին, Լայերսիօ փենալթիով բացաւ մրցումին հաշիւը, մինչ երկրորդ կոլը 38-րդ վայրկեանին նշանակեց Ացամազ Պուրայեւ: Այսպիսով, Բանանց 2016-2017 տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն:  

Տեմպելէ Կրնայ 10 Մրցումով Կախակայուիլ

Տեմպելէ Կրնայ 10 Մրցումով Կախակայուիլ

Թոթենհամի միջնապահ Մուսա Տեմպելէ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ կրնայ 10 մրցումով կախակայուիլ, կը յայտնէ «Տը Սան»: «Փրեմիեր լիկ»-ի Չելսի - Թոթենհամ 36-րդ հանգրուանի Ա. կիսախաղին աւարտէն առաջ, պելճիքացին ճանկեց մրցակիցի յառաջապահ Տիեկօ Քոսթայի աչքը: Նշենք, որ օրուան իրաւարարները այդ պատահարը չէին նկատած մրցումին ընթացքին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ դարձի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 5 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:30-ին, Մանարայի դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Անթիլիասը: Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ Անթիլիաս երթի մրցումին բացառիկ մրցում մը ներկայացնելով, միայն կողովի մը տարբերութեամբ` 70-68 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռիատիէն: Եթէ ՀՄԸՄ յաջողի նմանօրինակ մրցում մը այսօր եւս կրկնել...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. «Ֆայնըլ-Ֆոր». Ռիատի – ՀՄԸՄ Առաջին Մրցումը` Շաբաթ, 7 Մայիսին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն առաջին չորս մրցումներուն յայտագիրը, որ կը սկսի ուրբաթ, 6 մայիսին, Մութթահետ - Սաժես մրցումով: ՀՄԸՄ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ, 7 մայիսին, երբ երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Մանարայի դաշտին վրայ, հիւրը պիտի ըլլայ Ռիատիի: Նշենք, որ եօթը մրցումէ չորս յաղթանակ արձանագրող խումբը, կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: Ստորեւ` առաջին...

«Չեմփիընզ Լիկ». Զուտ Սպանական Աւարտական` Յառաջիկայ 28 Մայիսին

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի երկրորդ ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր` Սանթիակօ Պեռնապէօ դաշտին վրայ, դաշտին տէրը` Ռէալ Մատրիտ, յաջողեցաւ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել, պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Մանչեսթըր Սիթին: 76 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ֆեռնանտօ (20-րդ)` սխալմամբ իր բերդին մէջ: Նկատի ունենալով, որ երթին Ռէալ Մատրիտ Անգլիոյ մէջ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը, որմէ ետք քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը: Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 7 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Մրցումին ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Իժթիմահի...

Մխիթարեանը` «Պունտըսլիկա»-ի Ապրիլ Ամսուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի ապրիլ ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: «Պունտըսլիկա»-ի պաշտօնական կայքին վրայ տեղի ունեցած հարցախոյզին արդիւնքին համաձայն, 27 տարեկան ֆութպոլիստը ապահովեց ձայներուն 42 առ հարիւրը:  

Page 1107 of 1276 1 … 1,106 1,107 1,108 … 1,276

Արխիւներ