
Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Թրաքայ 3-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Սուտուվային:
Թրաքայի երկրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի յառաջապահ Դաւիթ Արշակեան, այսպիսով չորսի բարձրացնելով այս տարեշրջանին իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր թիւը:


