
2013-ին աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած, ազատ ոճի ըմբշամարտիկ Դաւիթ Սաֆարեան կարելիութիւնը ունի ողիմպիական խաղերուն համար տոմս մը ապահովելու, կը տեղեկացնէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը:
Սերպիոյ վարկանշային մրցաշարքին աւարտական հասած եւ Ռիոյի տոմս մը ապահոված ուքրանացի Անտրէյ Քվիաթքովսքիի` խթանիչ դեղերու գործածութեան գծով կատարած քննութիւնները տուած են դրական արդիւնք, որուն պատճառով մարզիկը որակազրկուած է:
Սերպիոյ մէջ Սաֆարեան չկրցաւ ողիմպիականի տոմս մը ապահովել, երբ կիսաւարտականին պարտուեցաւ իր լեհ մրցակիցէն:
Այժմ, ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը իր գումարելիք նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ որակազրկուած մարզիկին ապահոված այդ ուղեգիրը Դաւիթ Սաֆարեանին տրամադրելու հարցը:
Նշենք, որ ողիմպիական խաղերու ըմբշամարտի վարկանշային բոլոր մրցաշարքերն ալ աւարտած են:
ArmSport.am իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը Ռիոյի խաղերուն ունի 3 տոմս. Գառնիկ Մնացականեան (57 քկ), Գէորգի Քեթոյեւ (97 քկ) եւ Լեւան Պերիանիցէ (125 քկ):


