Հայաստանի կռփամարտի աղջկանց հաւաքականը կը նախապատրաստուի 15-28 մայիսին Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի աղջկանց ախոյեանութեան, որ վարկանշային է ողիմպիական խաղերուն համար:
Հաւաքականը այս օրերուն մարզիչ Յարութիւն Նազարեանի գլխաւորութեամբ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ Երեւանի «ողիմպիական ապագայ» մարզահամալիրին մէջ: Այս հաւաքին կը մասնակցին 8 մարզիկներ:
Աշխարհի ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Անուշ Գրիգորեան (51 քկ) եւ Աշխէն Յովհաննիսեան (60 քկ), կը յայտնէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:


