
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:
Նշենք, որ այս մրցումը յետաձգուած էր շաբաթ, 7 մայիսէն:

ՀՄԸՄ յաջողեցաւ մրցումին ղեկը շուտով ձեռք առնել եւ առաջին 5 վայրկեանին յառաջանալ 13-6 արդիւնքով:
Շարունակելով իր տպաւորիչ ներկայացումը` ՀՄԸՄ առաջին կիսախաղը աւարտեց գերազանցելով դաշտին տէրը` 41-34 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ իր գերակայութիւնը պահելով Ռիատիի վրայ երրորդ քորթըրը աւարտեց տասը կէտի առաւելութեամբ եւ ի վերջոյ տարաւ փայլուն եւ ջախջախիչ յաղթանակ մը` 86-72 արդիւնքով (15-17, 34-41, 54-64 եւ 72-86):
Մրցումին աւարտէն կարճ ատեն մը առաջ, ՀՄԸՄ յաջողեցաւ Ռիատիի նկատմամբ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել 17-ի (84-67):
ՀՄԸՄ-ի արձանագրած այս ջախջախիչ յաղթանակին մէջ ախոյեան Ռիատիի դէմ բոլոր մարզիկներն ալ փաստեցին, որ լաւապէս պատրաստուած են Ռիատիի դէմ տեղի ունենալիք այս մրցումին:
Մրցումին լաւագոյն կոլսքորըրը եղաւ Տուայն Ճեքսըն (31 կէտ), ապա` ՀՄԸՄ-ի անոր խմբակից Ահմետ Իպրահիմ (23): Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Իսմայիլ Ահմետ (18):
ՀՄԸՄ-ի թըրն-օվըրները եղան 9, մինչ Ռիատիինները` 15: ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 35 ռիպաունտ, մինչ Ռիատի` 38:
Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը եւ դաշտ ներկայացած ժամանակը.

Նորվել Փել (34′ 04″, 15 կէտ, 8 ռիպաունտ), Նետիմ Սուէյտ (36′ 48″, 9 կէտ, 4 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ` 4 փորձերէ), Ահմետ Իպրահիմ (34′ 49″, 23 կէտ, 2 ռիպաունտ, 4 թրի փոյնթ` 11 փորձերէ), Քեւին Կալըուէյ (34′ 45″, 5 կէտ, 5 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ` 2 փորձերէ), Պիլալ Թապպարա (5′ 10″, 6 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (8′ 57″ 1 կէտ, 1 ռիպաունտ), Պատիհ Սուէյտ (5′ 24″, 2 կէտ), Տուայն Ճեքսըն (40′ 00″, 31 կէտ, 9 ռիպաունտ, 5 թրի փոյնթ` 11 փորձերէ):
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապպահ Նըժէյմ, Փօլ Սքայեմ եւ Զիատ Թաննուս:
Մրցումը տեւեց 1 ժամ 26″:
Այսօր որեւէ մրցում չկայ:


