Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 9 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:30-ին, տեղի կ՛ունենայ Ռիատի – ՀՄԸՄ առաջին մրցումը, Մանարայի դաշտին վրայ:
Սկզբունքով այս մրցումը տեղի պիտի ունենար շաբաթ, 7 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին:
Սակայն անիկա յետաձգուեցաւ` նկատի ունենալով, որ երէկ` կիրակի, 8 մայիսին Պէյրութի մէջ կատարուեցան քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները:
Ճիշդ է, որ առաջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ Ռիատիի դաշտին վրայ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ հիւրընկալ խումբը պէտք է ըլլայ մրցումին յաղթականը:
Եթէ ՀՄԸՄ կարենայ լաւ ներկայացում մը կատարել, ամէն գնով կրնայ յաղթել դաշտին տիրոջ:
Կարեւորը ճշգրիտ կողովներ նշանակելն է, քիչ ֆաուլ կատարելը եւ խմբային խաղաոճ կիրարկելը:
Նշենք, որ Սաժես այժմ 1-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Մութթահետը` նկատի ունենալով, որ ուրբաթ, 6 մայիսին, Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած առաջին մրցումին Սաժես յաղթեց 82-70 արդիւնքով:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սաժեսի մարզիկ Թերել Սթոկլին` 31 կէտ: