
Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող խառն մենամարտի «Օ. Էֆ. Էս.-8» մրցաշարքին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Ալպերթ Ղազարեան փայլուն յաղթանակ մը արձանագրեց ազրպէյճանցի Ռուսլան Մուրաթազովի դէմ:
«Օքթակոն Ֆայթինկ Սենսէյշըն-8» անունը կրող այս մրցաշարքին, հայ մարզիկը առաջին իսկ ռաունտին յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ալպերթ Ղազարեան Արցախի Հանրապետութեան դրօշակը ձեռքին յայտնեց, որ իր այս նուաճումը կը նուիրէ հայ զինուորներուն, սահմանապահներուն եւ հայ ազգին:


