Հայաստանի աղջկանց ճատրակի հաւաքականի անդամ Լիլիթ Մկրտչեան հանդիսացաւ Ռուսիոյ ճատրակի ակումբներու ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր:
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ վերջին հանգրուանին Մկրտչեան, որ կը մրցէր սեւ քարերով, 38-րդ շարժումին յաղթեց իր մրցակիցին եւ անոր կազմը` Եուքրա, 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ս. Փեթերսպուրկը ներկայացնող խումբին հետ:
9-րդ հանգրուանէն ետք, Եուքրա 11 կէտ ապահովելով գրաւեց վերջնական դասաւորման 3-րդ դիրքը: