Կազմակերպութեամբ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու Միութեան ճատրակի յանձնախումբին, նախորդ շաբաթավերջին միութեան ակումբին մէջ (Վերտան) տեղի ունեցաւ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` ռամատանի առիթով:
8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Կի Գալուստ առաւելագոյն 6 կէտը ապահովելով տիրացաւ տիտղոսին:
Այս դասակարգին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Արա Մանճիկեան:
10 եւ 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին երեքին մէջ չկային հայ մասնակցողներ:
16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Ճիօ Գալուստ առաւելագոյն 6 կէտէն 5,5 կէտ ապահովելով իր կարգին տիրացաւ տիտղոսին:
Կը շնորհաւորենք Կի եւ Ճիօ Գալուստ եղբայրները, որոնք չորս տիտղոսներէն երկուքին տիրացան:


