Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեանի պայմանագրութիւնը երկարաձգուեցաւ մինչեւ 1 օգոստոս 2017:
Երեւանեան ակումբը «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի մրցաշարքին իր նախապատրաստութիւնները կը սկսի 5 յունիսէն:
Այդ փորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ 14 յունիս: 15-23 յունիսին խումբը Հանքաւանի մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ եւ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում, յայտնեց ArmSport.am: