Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող Քոփա-Ամերիքա 2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ սկսաւ նախորդ շաբաթավերջին, չորս խումբեր արձանագրեցին մրցաշարքի իրենց առաջին յաղթանակը, մինչ երկու մրցում վերջ գտաւ ճերմակ հաւասարութեամբ:
Միացեալ Նահանգներ Քոլոմպիայէն 2-0 արդիւնքով պարտութեամբ սկսան մրցաշարքը: Աւելի քան 67 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Քրիսթիան Զափաթա (8-րդ) եւ Խեմես Ռոտրիկեզ (42-րդ` փենալթիով), նշանակեցին Քոլոմպիոյ կոլերը:
Իր կարգին, Մեքսիքա յաղթանակ արձանագրեց` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ուրուկուէյը:
Վենեզուելա 1-0 արդիւնքով յաղթեց Ժամայքայի, մինչ Փերու` Հայիթիի (1-0):
Պրազիլ-Էքուատոր եւ Քոսթա Ռիքա-Փարակուէյ ճակատումները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով: