Մարզական

Նշմար.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պատմութիւն Կերտեց` Հանդիսանալով  Լիբանանի Աղջկանց Ախոյեան

Նշմար. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պատմութիւն Կերտեց` Հանդիսանալով Լիբանանի Աղջկանց Ախոյեան

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Շաբաթ, 4 յունիս 2016-ը պատմական օր մը եղաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբին համար, որ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի աւարտական մրցումներուն իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելով Ռիատի Պէյրութի դէմ եւ 3-1 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցը, հանդիսացաւ Լիբանանի աղջկանց ախոյեան: Տարիներ շարունակ ՀՄԸՄ Անթիլիաս միշտ ալ կը պայքարէր ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալու համար, իր ամէն կարելին կ՛ընէր...

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկներու Պասքեթպոլի Խումբը` Լիբանանի Ախոյեան

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկներու Պասքեթպոլի Խումբը` Լիբանանի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը բաւական կարեւոր եւ լիբանանեան մարզաշխարհին մէջ պատմական իրագործում մը արձանագրեց, երբ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացաւ աւարտականի չորրորդ ճակատումին` յաղթելէ ետք Ռիատի Պէյրութի եւ անոր վրայ 3-1 արդիւնքով առաւելութիւն մը ունենալէ ետք: Այսպիսով, ՀՄԸՄ Անթիլիասը Լիբանանի պասքեթպոլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի ախոյեան հանդիսացաւ: Գէորգ Ալթունեան` Լիբանանի Հեծելարշաւի Ախոյեան...

Հեծելարշաւ.  Գէորգ Ալթունեան` Լիբանանի Ախոյեան

Հեծելարշաւ. Գէորգ Ալթունեան` Լիբանանի Ախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, երէկ` կիրակի, 5 յունիսին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի ախոյեանութեան ժամացոյցի դէմ մրցումը, Էմիլ Լահուտի անուան մայրուղիին վրայ (Պէյրութի նաւահանգիստի շրջանը): Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 25 հեծելանւորդներ, որոնք կը ներկայացնէին ֆետերասիոնին անդամ 10 միութիւններ: Անոնցմէ 23-ը յաջողեցան հասնիլ ժամանման գիծ: Մեծերու ախոյեանութեան մեծագոյն անակնկալը ստեղծեց Գէորգ Ալթունեան (ՀՄԸՄ Անթիլիաս), որ հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան: Ան արձանագրեց 48 վայրկեան...

Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերին.  Պասքեթպոլի Յատուկ Փորձեր` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ Բ. Դասակարգ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Առաջին Յաղթանակը

Երէկ տեղի ունեցան Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ իր առաջին մրցումին պարտուած էր, երէկ արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 52-19 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պիլիվըրզը: Սակայն ՀՄԸՄ Պէյրութ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը այս անգամ Հուփս Մեթնէն` 52-24 արդիւնքով: Պըրժ Այնթուրա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 27-25 արդիւնքով յաղթելով Ժամհուրին: Վերջապէս, Անուար արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը`...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես 20-0 Արդիւնքով  Պարտուած Հռչակուեցաւ. Ռիատի` Ախոյեան

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես 20-0 Արդիւնքով Պարտուած Հռչակուեցաւ. Ռիատի` Ախոյեան

  Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը շաբաթ յետմիջօրէին իր կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) ժողով մը գումարելով 20-0 արդիւնքով պարտուած հռչակեց Սաժեսը, որ Ռիատիի դէմ տեղի ունեցած Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան վեցերորդ մրցումին հարցեր ստեղծելով պատճառ դարձած էր մրցումին ընդհատման: Նկատի ունենալով, որ Սաժես իր համակիրները դաշտէն դուրս չհանեց, որպէսզի մրցումը շարունակուի, խումբը 20-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ, ըստ ֆետերասիոնին օրէնքին:...

Պասքեթպոլ. Հուսամէտտին Հարիրիի 26-րդ Մրցաշարքը` 13-20 Հոկտեմբերին

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան տղոց միջազգային պասքեթպոլի կազմակերպիչ յանձնախումբը յայտարարեց, որ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան 26-րդ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 13-20 հոկտեմբերին` հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: Նիզար Ռաուասի եւ Հիշամ Ժըրատիի կողմէ կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղի այս գործով եւ որ յատուկ հրաւէրներ պիտի ղրկէ տեղական, արաբական եւ միջազգային ակումբներուն` յստակացնելու համար մասնակցող խումբերուն...

Եուրօ – 2016.  Մրցաշարքին Ամբողջական Յայտագիրը

Եուրօ 2016. Բ. Խմբակին Մաս Կազմող Խումբերուն Մարզիկները

«Ազդակ»-ի մարզական նախորդ էջով ներկայացուցինք Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող չորս խումբերու կազմեր, որոնք մաս կը կազմեն Ա. խմբակին: Այսօրուան մարզական էջով կու տանք Բ. խմբակին մաս կազմող խումբերու մարզիկներուն անունները: Ստորեւ` այդ չորս խումբերը. ԱՆԳԼԻԱ ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Ֆրէյզըր Ֆորսթըր (Սաութհեմփթըն), Ճօ Հարթ (Մանչեսթըր Սիթի) եւ Թոմ Հիթըն (Պըրնլի): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Ռայըն Պեթրանտ (Սաութհեմփթըն), Կերի Քահիլ (Չելսի), Նաթանիել Քլայն (Լիվըրփուլ),...

Թենիս. «Ռոլան Կարոս».  Ճոքովիչ Եւ Պլանքօ  Տիրացան Տիտղոսին

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Ճոքովիչ Եւ Պլանքօ Տիրացան Տիտղոսին

Երէկ Ֆրանսայի մէջ աւարտեցաւ թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտականի մրցումը: Թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ տիրացաւ տիտղոսին, երբ աւարտականին, 3-6, 6-1, 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց անգլիացի Էնտի Միւրէյին (2-րդ): Ինչ կը վերաբերի աղջկանց աւարտականին, 4-րդ դասուած սպանացի Կարպին Պլանքօ, ստեղծեց կարեւոր անակնկալ մը, երբ 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց թիւ...

Նշմար. Պատմական Տիտղոսի Մը Ձեռքբերման Ականատես Ըլլալու Սեմին

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ  ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղը այսօր` շաբաթ, 4 յունիսին, կարեւոր նուաճում մը ձեռք ձգելու մեծ առիթը ունի եւ Լիբանանի աղջկանց ախոյեան դառնալու սեմին կը գտնուի` իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով: Քանի մը առիթներով, ՀՄԸՄ Անթիլիաս հանդիսացած է փոխախոյեան, ինչպէս նաեւ առիթով մըն ալ` Լիբանանի բաժակակիր: Այսօր, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ Հինգերորդ Ճակատումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ Չորրորդ Մրցումը

  Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 4 յունիսին, երբ ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի մրցի Ռիատի Պէյրութի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին: Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ այժմ 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ Ռիատին: Հետեւաբար, երրորդ յաղթանակը արձանագրելու...

Եուվենթուս Հետաքրքրուած Է Մխիթարեանով

Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուս, ամէն գնով կ՛աշխատի եւ մեծ ճիգ ի գործ կը դնէ` իր կազմին միացնելու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը: Ըստ «Թութթոսփորթ»-ին, Եուվենթուս 27 տարեկան ֆութպոլիստին առաջարկած է տարեկան 4 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, սակայն Մխիթարեանի գործակատարը` Մինօ Ռայոլա, կը պահանջէ 6 միլիոն եւրօ: Նշենք, որ Մխիթարեանով հետաքրքրուած են նաեւ Արսենալ, Չելսի, Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ...

Եուրօ-2016. Ա. Խմբակին Մաս Կազմող Խումբերուն Կազմերը

Ինչպէս ծանօթ է, ուրբաթ, 10 յունիսին, ազդանշանը կը տրուի եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան, որ ամիս մը ամբողջ, ֆութպոլասէր հասարակութիւնը պիտի զբաղեցնէ: Այդ 24 խումբերը բաժնուած պիտի ըլլան վեց խմբակներու, իւրաքանչիւրը` չորս խումբ: Մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Ֆրանսա, բացման մրցումին պիտի ճակատի Ռումանիոյ դէմ: «Ազդակ»-ի այսօրուան մարզական էջով կու տանք Ա. խմբակին մաս կազմող խումբերուն կազմերը, որոնք պաշտօնապէս հրապարակուեցան «Եու. Է. Էֆ....

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը Տեղի Կ՛ունենան Աղջկանց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան վաղը` կիրակի, 5 յունիսին: Նշենք, որ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան բոլոր մրցումներն ալ տեղի կ՛ունենան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ): Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը.   ԺԱՄ Հուփս Մաթըն - ՀՄԸՄ Պէյրութ 13:00 13:00 Պիլիվըրզ - ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 14:30 14:30 Պըրժ Այնթուրա - Ժամհուր 16:00 16:00 Անուար - Անդրանիկ Սին Էլ...

Սաժես-Ռիատի Վեցերորդ Մրցումը Մնաց Անաւարտ

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի վեցերորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ Սաժեսի եւ Ռիատիի միջեւ, Ղազիրի դաշտին վրայ, մնաց անաւարտ, մինչ անիկա կ՛ընթանար 61-51 արդիւնքով, ի նպաստ Ռիատիի: Երրորդ քորթըրին աւարտէն առաջ տեղի ունեցած անհասկացողութիւններն ու բախումները հետզհետէ սաստկացան ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ մրցումը ընդհատի: Բախումներուն ուղեկցեցան համայնքային բնոյթի լուտանքներ: Համակիրները դաշտ նետեցին շիշեր: Այդ պատճառով...

Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան-Իրաք 87-88

Յորդանանի մէջ, Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Լիբանան երէկ երեկոյեան կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ` Իրաքէն, 88-87 արդիւնքով... Երկրորդ երկարաձգումէն ետք: Մրցումին չորս քորթըրները աւարտեցան 65-65 հաւասարութեամբ, իսկ առաջին երկարաձգումը` 77-77 արդիւնքով: Թէ՛ չորրորդ քորթըրին աւարտին, թէ՛ առաջին երկարաձգումին եւ թէ՛ երկրորդ երկարաձգումէն առաջ, թէեւ Լիբանան մօտ էր յաղթանակին, բայց Իրաք արգելք հանդիսացաւ ատոր եւ Լիբանան...

Միջազգային Ֆութպոլ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Այս Անգամ Ջախջախեց Սալվատորը` 4-0 Արդիւնքով

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Միացեալ Նահանգներ կատարած իր ուսումնամարզական հաւաքը աւարտեց երկրորդ յաղթանակով, երբ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին այս անգամ 4-0 արդիւնքով ջախջախեց Սալվատորը: Գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեանի կազմը առաջին մրցումին ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրած էր Կուաթեմալայի դէմ` 7-1 արդիւնքով: Մրցումին 2-րդ վայրկեանին, Կարսիա սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակեց` չկարենալով զսպել դէպի կեդրոն ուղղուող Հենրիխ Մխիթարեանի...

Համահայկական Յաջորդ Խաղերը Արցախի Մէջ

Նախանցեալ օր Օլիմփաւանին մէջ տեղի ունեցաւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին հասարակական կազմակերպութեան գործադիր կոմիտէին նիստը` գլխաւորութեամբ կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի: Նիստին ընթացքին նախագահ Զաքարեան առաջարկեց Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը կազմակերպել Արցախի մէջ: Առաջարկը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ: «Ասիկա պատմական որոշումը պիտի ըլլայ, մեր գաղափարներուն իրագործան անկիւնաքարը: Այս որոշումը իրապէս կ՛արտացոլէ մեր նպատակը` Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը», ըսաւ Զաքարեան: Գործադիր կոմիտէին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի 3-2 Արդիւնքով Գերազանցեց Սաժեսը

Երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի հինգերորդ ճակատումը` Ռիատի Պէյրութ եւ Սաժեսի միջեւ, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, Մանարայի դաշտին վրայ, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով, որ 102-85 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Սաժեսը (21-28, 38-49, 74-61 եւ 102-85): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ռիատի, որ այժմ 3-2 արդիւնքով կը գերազանցէ Սաժեսը, յաղթանակ մը եւս...

ՖԻՏԷ-ի Դասաւորում. Արոնեան` 4-րդ Դիրքին Վրայ

Լեւոն Արոնեան Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած յունիս ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականի յառաջատար` Լեւոն Արոնեան, իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2792 վարկանշային կէտ, կը գրաւէ 4-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը կը շարունակէ գրաւել աշխարհի ախոյեան, Նորվեկիայի Մակնիւս Քարլսըն (2855): Լաւագոյն հարիւրին մէջ են նաեւ Գաբրիէլ Սարգսեան (2679), Վլատիմիր Յակոբեան (2675) եւ Սերկէյ Մովսիսեան (2660): Ինչ կը վերաբերի...

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան Մնաց 110-րդ

ՖԻՖԱ-ի հրապարակուած յունիս ամսուան ազգային խումբերու ֆութպոլի միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը մնաց 110-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 315 կէտ: Արժանթին 1503 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը: Պելճիքա կը զբաղեցնէ 2-րդ դիրքը (1384), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Քոլոմպիա (1328): Գերմանիա 4-րդ դիրքին վրայ է (1310), Պրազիլ` 7-րդ (1257), մինչ Ռուսիա` 29-րդ (828):

Page 1099 of 1276 1 … 1,098 1,099 1,100 … 1,276

Արխիւներ