Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ռոյ Հոճսըն Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն մէջ ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիչն է: Ան տարեկան կը ստանայ 5 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Իտալիոյ մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ (4,1 միլիոն եւրօ), իսկ երրորդ դիրքին վրայ Թուրքիոյ մարզիչը` Ֆաթիհ Թերիմ (3,5 միլիոն եւրօ):
Ամէնէն քիչ աշխատավարձը կը ստանայ Ռումանիոյ մարզիչը` Անժել Եուրտանեսքու (120 հազար եւրօ):
Յատկանշական է այն, որ Ռուսիոյ մարզիչ Լէոնիտ Սլուցքուի աշխատավարձը ամբողջութեամբ կազմուած է խումբին արձանագրելիք արդիւնքներէն: