
Գերմանիան ներկայացնող հայ կռփամարտիկ Կարօ Մուրատ (Կարէն Մուրատեան) համոզիչ յաղթանակ մը արձանագրեց պոլիվիացի իր մրցակիցին` Էսթեպան Թապապարիի դէմ, յայտնեց «Պոքսինկ Սին» կայքը:
Միջին կարգի կռփամարտիկներուն այս մենամարտը տեղի ունեցաւ գերմանական Քասել քաղաքին մէջ:
Արդէն իսկ առաջին ռաունտին Կարօ Մուրատ նաք-աութի ենթարկեց իր մրցակիցը:
Իր կատարած 33 մենամարտերուն ընթացքին, այսպիսով Մուրատ արձանագրեց իր 29-րդ յաղթանակը (18-ը` նաք-աութով): Մնացեալ 4 մենամարտերուն ան կրած է 3 պարտութիւն եւ արձանագրած հաւասարութիւն մը:


