
Միքա Երեւան շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը չբերէ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 2016-2017 տարեշրջանի ախոյեանութեան, այս մասին ArmSport.am-ին յայտնեց ակումբի գլխաւոր տնօրէն Արմէն Պետիկեան:
«Դժբախտաբար, հաւանականութիւնը շատ մեծ է, որ Միքա չմասնակցի Հայաստանի ախոյեանութեան: Ակումբին մէջ կան տնտեսական խնդիրներ, զորս չենք կրնար լուծել: Բայց եւ այնպէս, յառաջիկայ օրերուն ամէն ինչ կը յստականայ եւ վերջնականապէս կը պարզուի մեր կատարելիք յայտարարութիւնը պաշտօնական ելոյթով մը», ըսաւ ան:
Ան իր խօսքը եզրափակեց նշելով, որ շատ հաւանաբար Միքա իր ելոյթները շարունակէ Ա. դասակարգին մէջ կամ ալ ամբողջութեամբ դադրեցնէ իր գործունէութիւնը:
Նշենք, որ Միքա աւարտած տարեշրջանի ախոյեանութեան գրաւեց 7-րդ դիրքը:
 
			

