
Գիւմրեցի Սեդա Թութխալեան աղջկանց մարմնամարզութեան մրցումներուն Ռուսիոյ հաւաքականին հետ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան, Ռուսիա խմբային դասաւորման մէջ հանդիսացաւ առաջին` ապահովելով 175.212 կէտ:
Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Անգլիա (170.312) եւ Ֆրանսա (168.496):
16 տարեկան Սեդա Թութխալեան 2015-ին հանդիսացաւ պատանեկան ողիմպիականի ախոյեան:
Աշխարհի սամպոյի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան եռակի ախոյեան Գուրգէն Թութխալեան անոր հայրն է:
Սեդա Թութխալեան, որ 7 տարեկանէն սկսած է մարզուիլ, Ռուսիոյ հետ ոսկի մետալի տիրացաւ նաեւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած եւրոպական մարզական խաղերուն:


