Պարսելոնայի թեքնիք տնօրէն Ռոպերթօ Ֆեռնանտես պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ պրազիլցի յետսապահ Տենի Ալվես կը հեռանայ խումբէն:
«Ան որոշեց հեռանալ Պարսելոնայէն: Մենք ոչինչ կրնանք ընել, բացի իր անձնական կարծիքը յարգելէ: Նէյմար երկար տարիներ պիտի շարունակէ հանդէս գալ մեզի հետ: Իսկ ինչ կը վերաբերի Մասքերանոյին, չենք կարծեր, որ ան ուզէ միանալ այլ կազմի մը», ըսաւ Ֆեռնանտես:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Ալվեսի յաջորդ ակումբը պիտի ըլլայ Եուվենթուսը: