
«էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումին, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իր դաշտին վրայ իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելով, այժմ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Քլիվլենտ Քաւալիրզը:
Ուորիըրզ, որ առաջին մրցումին 104-89 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երկրորդին եւս յաղթանակ մը արձանագրեց` 110-77 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տրէյմընտ Կրին երկրորդ մրցումին նշանակեց 28 կԷտ: Լեպրըն Ճէյմս (Քաւալիրզ) նշանակեց 19 կէտ:
Նշենք, որ երրորդ եւ չորրորդ մրցումները տեղի պիտի ունենան Քլիվլենտի մէջ: