
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Տարիժօ Սրնա Ֆրանսայէն վերադարձաւ հայրենիք` ստանալէ ետք իր հօր մահուան գոյժը:
Ինչպէս ծանօթ է, Դ. խմբակի մաս կազմող Խրուաթիա յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թուրքիոյ:
Խրուաթիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը որ ցաւակցութիւն յայտնեց 34 տարեկան իր խմբապետին` անոր հօր մահուան առիթով, ոչինչ ըսաւ, թէ արդեօք ան պիտի մասնակցի՞ ուրբաթ օր Չեխիոյ եւ անկէ ետք տիտղոսակիր Սպանիոյ դէմ տեղի ունենալիք Եուրօ-2016-ի մրցումներուն:


