ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը այսօր` երեքշաբթի, 14 յունիսին, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, կը մեծարէ իր աղջկանց պասքեթպոլի խումբը, որ հանդիսացաւ Լիբանանի Ա. դասակարգի 2015-2016 տարեշրջանի Լիբանանի ախոյեան:
Խումբին մեծարանքի այս հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:


