Նախանցեալ օր տեղի ունեցած Իտալիա-Պելճիքա Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան յաղթական կազմին` Իտալիոյ 38 տարեկան բերդապահը` Ճիանլուիճի Պիւֆոն, իր անունը արձանագրեց Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին:
Անկախ անոր կազմին արձանագրած արդիւնքէն (2-0), ան հանդիսացաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ Եուրոյի երեք ախոյեանութիւններու (2008, 2012 եւ 2016) կը մասնակցի իբրեւ խմբապետ:
Ասիկա ցարդ չէր կատարած ոեւէ այլ ֆութպոլիստ: