Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հրապարակեց Եւրոպայի ճատրակի վեթերաններու 16-րդ ախոյեանութեան յաղթականներուն եւ մրցանակակիրներուն անունները:
Տեղի ունեցան տարբեր դասակարգերու մրցումներ:
Տղոց 50 տարեկան եւ վեր դասակարգին մէջ, Ռաֆայէլ Վահանեան հանդիսացաւ երրորդ` տիրանալով պրոնզ մետալին:
Աղջկանց 50 տարեկան եւ վեր, տղոց 65 տարեկան եւ վեր, ինչպէս նաեւ աղջկանց 65 տարեկան եւ վեր դասակարգերուն մէջ, առաջին երեքին մէջ հայրենի վեթերաններու այլ անուններ չկային: