«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող կարգ մը խումբերու մարզիկներ չեն ուզեր իրենց մասնակցութիւնը բերել Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն:
Ռասըլ Ուեսթպրուք (Օքլահոմա Սիթի) եւ Ճէյմս Հարտեն (Հիուսթըն Ռոքեթց) յայտարարեցին, որ չեն ուզեր մեկնիլ Պրազիլ:
«Ի. Էս. Փի. Էն.» հաղորդեց, որ այդ կեցուածքը մարզիկները պաշտօնապէս յայտարարած են:
Անոնցմէ բացի, Ռիօ-2016-ին չեն մասնակցիր նաեւ Սթեֆըն Քարի, Լա Մարքուս Ալտրիճ, Քրիս Փոլ եւ Անթոնի Տէյվիս:


