– Ուալիտ Նասսար. «Նոր Տարեշրջանին
Պիտի Ըլլամ ՀՄԸՄ-ի Հետ»
– Նախարար Հըննաուի. «Խոստացանք
Եւ Պիտի Օժանդակենք ՀՄԸՄ-ին»

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը պատուեց իր պասքեթպոլի աղջկանց խումբը, որ հանդիսացաւ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի 2015-2016 տարեշրջանի ախոյեան:
Այս հանդիսութեան ներկայ էին` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար եւ անդամներ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, այլ քաղաքապետներ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան եւ անդամներ, ինչպէս նաեւ այլ հրաւիրեալներ, մարզիկներուն ծնողները եւ մարզական լրագրողներ:



Լիբանանի եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, օրուան զեկուցաբերը` Ճոյս Նաուֆալ սրահէն ներս հրաւիրեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները, ապա շուրջ 5 վայրկեան տեւողութեամբ ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը` Ռիատի Պէյրութի դէմ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աւարտական մրցումներուն եւ տիտղոսին տիրանալու տօնախմբութեան մասին:
Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Դրօ Մանտալեան, որ ներկաներուն ուղղած բարի գալուստի իր խօսքէն ետք ըսաւ. «Արձանագրուած այս յաղթանակը բոլորիս յաղթանակն է` նկատի ունենալով, որ անիկա կերտուեցաւ բոլորին հետ միասնաբար: Յատուկ շնորհակալութեան խօսքը կ՛երթայ անխտիր բոլորին, որոնց կարգին` խումբին համակիրներուն»:
Ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս տարեշրջանին ՀՄԸՄ-ի կատարած բոլոր մրցումներուն, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ»-ի մարզամշակութային համալիրին մէջ ապրեցանք սքանչելի օրեր, ՀՄԸՄ-ի յաղթանակներուն կամ պարտութիւններու ընթացքին: Շատեր այպանեցին ֆետերասիոնը եւ ի մասնաւորի զիս, երեք օտարականներով (տղաք) կամ առանց օտարականի (աղջիկներ), ախոյեանութիւնը կայացնելու հարցով: Երկուքին մէջ ալ ֆետերասիոնը եղաւ իրաւացի, որովհետեւ անիկա տուաւ իր դրական արդիւնքը:
«Կը շնորհաւորեմ ՀՄԸՄ-ը եւ այս առիթով կու գամ ըսելու, որ նոր տարեշրջանին պիտի ըլլամ ՀՄԸՄ-ի հետ եւ անոր կողքին` իբրեւ անհատ եւ ոչ թէ իբրեւ ֆետերասիոն»:


Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան, որ ըսաւ. «Առաջին խօսքը բնականաբար կ՛երթայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկներուն. վարձքը կատա՛ր բոլորին, որովհետեւ տարուան մը ամբողջ աշխատանքը արդիւնաւորուեցաւ անոր ախոյեան հանդիսանալով:
«Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի համակիրներն ու շեփորախումբը, որոնք օրինակելի եղան խումբին կատարած մրցումներուն ընթացքին եւ տիրական ներկայութիւն` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:
«Շնորհակալութիւն բոլոր հովանաւորող ընկերութեանց եւ ի մասնաւորի Շահէ Երեւանեանին, որ նեցուկ կանգնեցաւ խումբին, ինչպէս նաեւ նախարար Հըննաուիի, որմէ կը յուսանք, որ յարգէ իր տուած խոստումները»:
Վերջապէս, վերջին խօսք առնողը եղաւ նախարար Հըննաուի, որ ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը: Խոստացանք եւ պիտի օժանդակենք ՀՄԸՄ-ին: Սակայն այդ նիւթական օժանդակութիւնը կատարել կարենալու համար, ՀՄԸՄ պէտք է շուտով իր թղթածրարը ներկայացնէ նախարարութեան»:
Նախարարին խօսքէն ետք խմբապետ Նաթալի Սվաճեանի եւ Սանտրա Նաժըմի կողմէ ստորագրուած գնդակը իբրեւ յուշանուէր տրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի համակիր եւ տարիներ շարունակ թէ՛ տղոց եւ թէ՛ աղջկանց մրցումներուն ներկայ գտնուած Ժիրայր Նալպանտեանին, որ մեծ ուրախութեամբ եւ յուզումով ընդունեց այդ արժէքաւոր յուշանուէրը:
Ապա, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Թալին Խաչատուրեան յուշանուէր տուաւ աղջկանց խումբը հովանաւորող ընկերութիւններուն:


Անակնկալ յուշանուէրներ տրուեցան նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի յանձնախումբի անդամներ Րաֆֆի Գասապեանին եւ Յակոբ Ճէրէնեանին, որոնք տարիներ շարունակ եղան խումբին անծանօթ զինուորները եւ միշտ ալ աշխատեցան քուլիսներու ետին:

Ապա բոլորը միասնաբար յիշատակի լուսանկար մը առին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:





