Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Քարլոս Տունկա, ինչպէս նաեւ անոր բոլոր օգնականները պաշտօնանկ եղան:
Նշենք, որ 52 տարեկան Տունկա երկրորդ անգամ ըլլալով կը նշանակուէր Պրազիլի մարզիչ. առաջինը` 2014-ին:
Անոր պաշտօնազրկումը բնականաբար հետեւանք է խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն` «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին, երբ խումբը 4 կէտ ապահովելով չկրցաւ անցնիլ յաջորդ հանգրուան` 1987-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով: