

Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան շարք մը ճակատումներ, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան հետաքրքրական արդիւնքներ:
Դ. խմբակին մէջ, Խրուաթիա յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թուրքիոյ դէմ:
Մրցումին 41-րդ վայրկեանին Լուքա Մոտրիչ սքանչելի վոլէյով մը նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը, այսպիսով մրցաշաքի առաջին երեք կէտը ապահովելով իր խումբին` Խրուաթիոյ:
Մրցումին ներկայ էր շուրջ 44 հազար հանդիսատես: «Փարք տը Փրենս»-ին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին իրաւարարն էր շուէտացի Եոնաս Էրիքսըն:
Ֆրանսայի խմբակին (Ա.) մաս կազմող Զուիցերիա իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց, երբ նուազագոյն հաշիւով պարտութեան մատնեց Ալպանիան:
Մրցումին 5-րդ վայրկեանին Ֆապիան Շայեր նշանակեց Զուիցերիոյ եւ մրցումին միակ կոլը:
Շուրջ 34 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին կեդրոնի իրաւարարն էր սպանացի Քարլոս Վելասքօ:
Բ. խմբակին մէջ, Կալես յաղթեց Սլովաքիոյ (2-1), մինչ Անգլիա-Ռուսիա մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Կերըթ Պէյլ (10-րդ) եւ Հալ Ռոպսըն- Քանու (81-րդ) նշանակեցին Կալեսի կոլերը, իսկ Օնտրէյ Տուտա (61-րդ)` Սլովաքիոյ կոլը:
Օրուան իրաւարարն էր Սվէյն Օտտվար Մոյեն (Նորվեկիա), մինչ մրցումին ներկայ էր շուրջ 38 հազար հանդիսատես:
Կը կարծուէր, որ Անգլիա պիտի յաղթէ Ռուսիոյ, սակայն մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (92-րդ) Վասիլի Պերեզութցքի նշանակեց Ռուսիոյ հաւասարութեան կոլը: Անգլիոյ կոլը նշանակեց Էրիք Տիեր (73-րդ):
Օրուան իրաւարարն էր իտալացի Նիքոլա Ռիցոլի, իսկ մրցումին ներկայ էր աւելի քան 62 հազար հանդիսատես:
Գ. խմբակին մէջ երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Առաջին մրցումին, Լեհաստան 1-0 արդիւնքով յաղթեց Հիւսիսային Իրլանտայի: Արքատիուսց Միլիք նշանակեց Լեհաստանի կոլը (51-րդ): Շուրջ 34 հազար հանդիսատեսներ ներկայ էին մրցումին, մինչ օրուան գլխաւոր իրաւարարն էր ռումանացի Օվիտիու Հաթեկան:
Երկրորդ մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Գերմանիան եւ Ուքրանիան, աւարտեցաւ Գերմանիոյ յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
Շխոտրան Մուսթաֆի նշանակեց Գերմանիոյ առաջին կոլը (19-րդ), մինչ Պասթիան Շվայնսթայկըր` երկրորդ կոլը, մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (92-րդ):
Հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Ուքրանիա բաւական տպաւորիչ խաղարկութիւն մը ունեցաւ:
Մրցումին ներկայ էին 50 հազար հանդիսատեսներ, մինչ օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր անգլիացի Մարթին Աթքինսըն:
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (Ժամերը Պէյրութի ժամանակացոյցով).
| ԺԱՄ | |
| Սպանիա – Չեխիա (Դ. խմբակ) | 16:00 |
| Իրլանտա – Շուէտ (Ե. խմբակ) | 19:00 |
| Պելճիքա – Իտալիա (Ե. խմբակ) | 22:00 |


