ՅԱԿՈԲ ՃԷՐԷՆԵԱՆ
Այո՛, սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, սիրելի՛ համակիրներ. ահաւասիկ, մեր երազը, որ տարիներէ ի վեր կը հետապնդէինք եւ որուն կը սպասէինք, արդէն իսկ իրականացած է:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը, որ տարիներէ ի վեր կը պայքարէր` գրաւելու համար առաջին դիրքը եւ դառնալու Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեան, այժմ իրականացուցած է իր երազը:
Շատ անգամներ դաշտերէն կը մեկնէինք տխուր, բայց ինչպէս երգը կ՛ըսէ` «ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան», այդպէս ալ պատահեցաւ, որովհետեւ տարիներ շարունակ սպասելէ ետք ի վերջոյ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի աղջկանց խումբը բարձրացուց ախոյեանութեան բաժակը:
Հպարտ ենք այդ երազին իրականացման համար եւ հպարտ` մեր մարզիկներով, որովհետեւ ի վերջոյ անոնք արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը:
Վարձքը կատա՛ր բոլորին, ըլլան անոնք վարչութիւն, յանձնախումբ, համակիրներ, հովանաւորներ թէ անհատներ:
Բոլորը հաւատացին եւ բոլորն ալ յոյսով էին, որ մարզիչ-մարզիկ-թեքնիք յանձնախումբ, բոլորը միասին ձեռք-ձեռքի տալով, կը հասնինք մեր նպատակին:
ԿԵՑՑԷ՛ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը:
ԿԵՑՑԷ՛ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը: