Տել Պոսքէ Լքեց Սպանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ` Վիչենթէ Տել Պոսքէ, հեռացաւ իր պաշտօնէն: 65 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը, թէեւ լքեց իր պաշտօնը, սակայն պիտի շարունակէ իր համագործակցութիւնը ֆետերասիոնին հետ: Անոր գլխաւորութեամբ` Սպանիա 2010-ին հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, իսկ 2012-ին` Եւրոպայի ախոյեան: Նշենք, որ Մատրիտի մէջ, Տէլ Պոսքէ հանդիպում մը ունենալէ ետք ֆետերասիոնին նախագահ Անխել Մարիա Վիլարի հետ,...








