
Եուվենթուսի միջնապահ Սեմի Խետիրայի համար, Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը աւարտեցաւ, նկատի ունենալով, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող մարզիկը, Իտալիոյ դէմ տեղի ունեցած քառորդ աւարտականի մրցումին վիրաւորուեցաւ եւ մրցումը չկրցաւ շարունակել:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ նոյնիսկ եթէ Գերմանիա հասնի աւարտականին, անոր համար մրցաշարքը արդէն աւարտած է:


