
Ամերիկացի Սեմ Քուերէյ, որ Ուիմպըլտընի կրան շլեմի թենիսի միջազգային մրցաշարքին դասուած է 28-րդ, նախորդ շաբաթավերջին ստեղծեց մեծագոյն անակնկալը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց թիւ 1 դասուած տիտղոսակիր Սերպ Նովաք Ճոքովիչը, արձանագրելով 7-6, 6-1, 3-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը, 3-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին:
Թիւ 2-րդ դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյ, յաղթեց Ճոն Միլմանին (Աւստրալիա), 6-3, 7-5 եւ 6-2 արդիւնքով:

Աղջկանց 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, թիւ 1 դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ, հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրելով` 6-3 եւ 6-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անիքա Պեքը (Գերմանիա):

Մարաթոն մրցում մը կատարելէ ետք, Ճօ-Ուիլֆրիտ Ցոնկա (Ֆրանսա, 12-րդ), յաղթեց ամերիկացի Ճոն Այզնըրին (Միացեալ Նահանգներ, 18-րդ), 6-7, 3-6, 7-6, 6-2 եւ 19-17 արդիւնքով:
Ցոնկա, 4-րդ հանգրուանին իր տոմսը ապահովեց, 4 ժամ 24 վայրկեան պայքար մղելէ ետք: