«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Ալաշկերտ – Սանթա Քոլոմա ճակատումը, հանրապետական մարզադաշտին վրայ:
Հայաստանի ախոյեանը, որ երթին Անտորրայի մէջ, 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր, երէկուան մրցումին արձանագրեց 3-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը եւ ապահովեց Բ. հանգրուանին իր տոմսը, ուր պիտի ճակատի Տինամօ Թիֆլիսի դէմ:
Հայկական կազմին երեք անպատասխան կոլերը նշանակեցին` Վահագն Մինասեան (12-րդ), Նորայր Կէօզալեան (84-րդ) եւ Արթուր Եդիգարեան (88-րդ):
Ալաշկերտէն կարմիր քարտ ստացաւ Միհրան Մինասեան (26-րդ), մինչ մրցակից կազմը մրցումը աւարտեց ութ մարզիկով, նկատի ունենալով, որ անոր երեք մարզիկները, իրենց կոշտ խաղարկութեան պատճառով դաշտէն վտարուեցան: