
Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ, պատանեան ողիմպիական խաղերու ախոյեան` Սիմոն Մարտիրոսեան, Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցած աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութենէն ետք, աշխարհի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին կողմէ ճանչցուեցաւ մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկը, այս մասին հաղորդեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Ինչպէս ծանօթ է, որ ան 105 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ, Մարտիրոսեան գերգնահատելի արդիւնք արձանագրելով, հանդիսացաւ աշխարհի երիտասարդներու ախոյեան:


