Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ` Վիչենթէ Տել Պոսքէ, հեռացաւ իր պաշտօնէն:
65 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը, թէեւ լքեց իր պաշտօնը, սակայն պիտի շարունակէ իր համագործակցութիւնը ֆետերասիոնին հետ:
Անոր գլխաւորութեամբ` Սպանիա 2010-ին հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, իսկ 2012-ին` Եւրոպայի ախոյեան:
Նշենք, որ Մատրիտի մէջ, Տէլ Պոսքէ հանդիպում մը ունենալէ ետք ֆետերասիոնին նախագահ Անխել Մարիա Վիլարի հետ, ներկայացուց իր հրաժարականը:
Անոր յաջորդին, կամ Տէլ Պոսքէի ստանձնելիք նոր պաշտօնին մասին ցարդ ոչինչ կը յայտարարուի:
Յառաջիկայ շաբաթ, ֆետերասիոնը յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցէ այդ գծով: