
Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի կազմերէն` Ռասինկ, տարիներու իր սովորութեան համաձայն, կատարեց իր տարեկան հանդիսութիւնը, որուն մէջ ամփոփեց 2015-2016 տարեշրջանը, խումբին կատարած իրագործումները, հակիրճ ձեւով մը ներկայացուց խումբին կատարելիք աշխատանքները` նոր տարեշրջանին գծով, անդրադարձաւ խումբին կրտսերներուն յառաջխաղացքին մասին, ինչպէս նաեւ յատուկ անդրադարձ մը կատարուեցաւ լիբանանեան մարզաշխարհը յուզող, ի մասնաւորի` ֆութպոլի հարցերուն:
Այս հանդիսութեան ներկայ էին զբօսաշրջիկութեան նախարար Միշել Ֆարաոն, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

Մարզիկներուն կողմէ խօսք առնելով, Ռասինկի խմբապետ Սերժ Սայիտ ըսաւ, որ խումբը իր ամէն կարելին պիտի ընէ նոր տարեշրջանին, շատ աւելի տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելու համար:


