
Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետ` Անդրանիկ Թէյմուրեան, պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Թաւրիզի կազմերէն Մաշին Սազիի հետ, յայտնեցին իրանեան լրատուամիջոցները:
Պայմանագրութեան մանրամասնութիւնները չեն հաղորդուիր:
Նշենք, որ 33 տարեկան միջնապահով հետաքրքրուած էր նաեւ Թեհրանի Փէյքան, որուն, նախորդ ամիս միացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան:


