«Տը Թելեկրաֆ» կը յայտնէ, որ լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբին յառաջապահ` Տիեկօ Քոսթա, որոշեց յառաջիկայ տարեշրջանին ելոյթ ունենալ Չելսիի հետ:
Սպանացի ֆութպոլիստը, ցարդ տեղեակ չէ, որ արդեօ՞ք իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի պիտի առնուի իր մարզիչին` Քոնթէի կողմէ, թէ ոչ:
Նշենք, որ նախապէս կը հաղորդուէր, որ ան շատ հաւանաբար վերադառնայ Աթլեթիքօ Մատրիտ: