

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքը հրապարակեց այն երկու կեդրոնի իրաւարարներուն անունները, որոնք պիտի ըլլան Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան, կիսաւարտականի երկու ճակատումներուն իրաւարարները:
Փորթուգալ – Կալես մրցումին իրաւարարը պիտի ըլլայ Եոնաս Էրիքսըն (Շուէտ):
Ան, այս մրցաշարքին ընթացքին եղաւ Թուրքիա – Խրուաթիա եւ Ռուսիա – Կալես մրցումներուն իրաւարարը:
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին` իրարու դէմ պիտի հանէ մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Ֆրանսան եւ Գերմանիան, անոր կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ իտալացի Նիքոլա Ռիցոլի:
Ան, այս մրցաշարքին ընթացքին եղաւ Անգլիա – Ռուսիա եւ Ֆրանսա – Իրլանտա մրցումներուն իրաւարարը:


