
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, Ահիա Ռիատա (Զուք Միքայէլ) պարզաբանեց, թէ ինչո՞ւ համար Շանվիլի դէմ տեղի ունենալիք փլէյ-օֆ-ի մրցումներէն քաշուեցաւ:
Ինչպէս ծանօթ է, որ Ահիա Ռիատա Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կը մասնակցի: Անիկա յաջողեցաւ հասնիլ աւարտական, սակայն պարտուեցաւ Մէյրուպայէն:
Այս վերջինը, բարձրացաւ Ա. դասակարգ, մինչ Ահիա Ռիատա, պէտք էր փլէյ-օֆ-ի մրցում կատարէր Շանվիլի դէմ` Ա. դասակարգի երկրորդ տոմսին համար:
Անիկա Ռիատայի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ խումբին չորս հիմնական մարզիկները` Եասեր Քասեմ, Ժերար Հատիտեան, Հասան Քայս եւ Քարլ Զալհում վիրաւոր են, մինչ որ կը նշանակէ, թէ խումբը պատրաստ չէ փլէյ-օֆ-ի մրցումներ կատարել Շանվիլի դէմ:
Բ. դասակարգի ակումբը, շնորհաւորեց այս տարեշրջանին բոլոր մարզիկները, մարզիչներուն եւ պատասխանատուներուն տարած աշխատանքը եւ փայլուն արդիւնքները, յոյս յայտնելով, որ 2016-2017 տարեշրջանին ամէն ճիգ ի գործ կը դրուի, բարձրանալու Ա. դասակարգ:
Ահիա Ռիատայի փլէյ-օֆ-ի մրցումներէն քաշուիլը կը նշանակէ, որ Շանվիլ պաշտօնապէս մնաց Ա. դասակարգ:


