
Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ Թոմաս Միւլըր, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ պէտք է յաւելեալ փորձեր կատարէ` փենալթիներու հարուածները իրենց նպատակին հասցնելու համար:
Անոր համաձայն, եթէ իր կազմը Եուրօ-2016-ի մնացեալ խաղերուն փենալթիներու հարուածներու մնաց, ինք հեռու պիտի մնայ փենալթի հարուածելէ:
Իտալիոյ դէմ տեղի ունեցած Եուրօ-2016-ի քառորդ աւարտականին, ան չկրցաւ իր կազմին մէկ փենալթին կոլի վերածել:
«Յառաջիկայ 2 շաբաթներուն, պիտի աշխատիմ փենալթիներու հարուածներու վրայ եւ այդ միջոցին այդ փենալթիները ես չեմ ուզեր հարուածել: Մէկ-երկու ամիս ետք, աւելի զօրացած կ՛ըլլամ», ըսաւ Միւլըր:


