«Արմսփոր» հայկական լրատու գործակալութենէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ 7 յուլիսին տեղի ունենալիք «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Ա. հանգրուանի, Օմոնիա – Բանանց դարձի մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Լաթվիայէն:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ` Ալեքսանտր Անուֆրիեւս:
Նշենք, որ այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Նիկոսիոյ «GSP» մարզադաշտին մէջ, պիտի սկսի ժամը 20:30-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Երթի մրցումին, հայրենի կազմը, իր դաշտին վրայ, 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: