Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն, ArmSport.am յայտնեց, որ Գերմանիոյ մէջ աւարտած աշխարհի ճատրակի վեթերաններու խմբային ախոյեանութեան, Հայաստանի տղոց հաւաքականը գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Վերջին` 9-րդ հանգրուանին, Հայաստան 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Գերմանիոյ եւ շահեցաւ 16 կէտ:
Նոյնքան արդիւնք արձանագրեց նաեւ Գերմանիա-1 խումբը:
Ախոյեանը ճշդելու համար, պէտք եղաւ հաշուել կէտերու ընդհանուր գումարը, Գերմանիա ապահովեց 26,5 կէտ, մինչ Հայաստան` 26:
Այսպիսով, գերմանացիք հռչակուեցան ախոյեան, մինչ Հայաստանի հաւաքականը` փոխախոյեան: