Հինգշաբթի, 7 յուլիսին, Հայաստանի ժամանակացոյցով, ժամը 17:00-ին, Գիւմրիի քաղաքային մարզադաշտին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Ա. հանգրուանին, Շիրակ – Տիլա դարձի մրցումը:
Երթի մրցումը, վերջ գտաւ վրացական կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով:
Հայրենի կազմը, նուազագոյնը, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը պէտք է արձանագրէ ապահովելու համար յաջորդ հանգրուանին իր տոմսը:
Շիրակի պաշտօնական կայքը տեղեկացուց, որ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Լիթուանիայէն:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է Սերկէուս Սլիվա: