
Փիւնիկ Երեւանի գլխաւոր մարզիչ` Սարգիս Յովսէփեան, իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն, նկատի ունենալով, որ իր ակումբին չկրցաւ ապահովել «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին Բ. հանգրուանին տոմսը:
Փիւնիկ, թէեւ Եուրոփա խումբին դէմ (Ճիպրալթար) տեղի ունեցած դարձի մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն դուրս մնաց հետագայ պայքարէն, նկատի ունենալով, որ երթին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր:
Յովսէփեան ըսաւ, որ ինք նպատակ ունէր խումբը յաջորդ հանգրուան հասցնելու, սակայն նկատի ունենալով, որ ան ձախողեցաւ իր նպատակը իրագործելու մէջ, որոշեց հրաժարիլ իր պաշտօնէն:


