Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ 31 օգոստոսին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Չեխիոյ դէմ, Փլզեն քաղաքի դաշտին վրայ:
Այս մրցումը պիտի ըլլայ նախապատրաստութիւն` Դանիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: